image
Հրատապ լուրեր:

Ստատուսի մը պատճառով Լիբանանցի աքթիւիսթ Ահմատ Ամհազ բանտարկուեցաւ

Ստատուսի մը  պատճառով  Լիբանանցի աքթիւիսթ Ահմատ Ամհազ բանտարկուեցաւ

Լիբանանի Քննչական Դատաւոր Փիեռ Ֆրանսիս ձերբակալման հրաման հանած է Լիբանանի քաղաքացի Ահմատ Ամհազի հասցէին, Հանրապետութեան Նախագահ Միշէլ Աունի, Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Վարչապետ Սաատ Հարիրիի հասցէին, իր ֆէյսպուքեան էջին վիրաւորական գրառում կատարելուն համար:

 

«LBC»ի հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն, մեղադրեալի փաստաբանը  բողոքարկած է որոշումը:


Ամհազ իր էջին գրած էր. «Երկիրը իշխողները տարբեր տեսակի երեք կենդանիներ են: Կոկորդիլոսը՝ որ խորհրդարանի նախագահն է, էշը՝ որ երկրի վարչապետն է, իսկ հանրապետութեան նախագահը, կենդանի մըն է, որուն տեսակը ցարդ յայտնի չէ»: