Երեքշաբթի երեկոյեան, Պահրէյնի Ալ Սուխէյր պալատին մէջ, մեկնարկած է Ծոցի երկիրներու 37-րդ գագաթաժողովը, որ պիտի տեւէ երկու օր: Այս մասին կը հաղորդէ Անտալուի գործակալութիւնը, աւելցնելով, որ գագաթաժողովին բացման նիստը սկիզբ առած է Պահրէյնի գահակալ՝ Համատ պըն Իսա ալ-Խալիֆէի խօսքով, որուն ընթացքին թագաւորը բաց յայտարարած է գագաթաժողովը եւ շնորհակալութիւն յայտնած՝ Սէուտական Արաբիոյ գահակալ՝ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզին նախկին նիստը նախագահելուն համար:
Յայտնենք, որ գագաթաժողովին կը մասնակցին Սէուտական Արաբիոյ գահակալը, Քաթարի եւ Քույէթի իշխանները: Սակայն, կը բացակային Օմանի սուլթանն ու Արաբական Էմիրութիւններու նախագահը:
Գագաթաժողովին պատուոյ հիւրն է՝ Բրիտանիոյ վարչապետ՝ Թերեզա Մէյ, որ առաջին բրիտանիոյ վարչապետն է եւ միաժամանակ առաջին կինը, ինչպէս նաեւ ֆրանսայի նախագահ՝ Ֆրանսուա Հոլանտէն ետք՝ երկրորդ եւրոպացի ղեկավարը, որ ներկայ կը գտնուի Ծոցի երկիրներու գագաթաժողովին:
Գագաթաժողովին պիտի քննարկուին համագործակցութեան հանգրուանէն միաւորման անցնելու ուղիները, Ծոցի երկիրներու դիմագրաւած տնտեսական եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու շուքին տակ:
Յիշեցնենք, որ միաւորման գաղափարը յղացած է վախճանեալ Սէուտական Արաբիոյ գահակալ՝ Ապտուլլահ պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորը, Դեկտեմբեր 2011-ին, Ռիատի գագաթաժողովին ընթացքին: