Անգարայի՝ դէպի Քաթար 5 հազար զինուոր ուղղարկելու որոշումը կը սպասէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի «կանաչ լոյս»ին: Այս մասին լուր փոխանցող աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ Անգարայի մէջ «չափազանց» մտահոգ են Քաթարի շուրջ ստեղծուած իրավիճակով:
Իր կարգին լիբանանեան «Ալ Ախպար» օրաթերթի վերլուծաբանը չի բացառեր, որ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ առաջ քաշուած եւ Քաթարը ամէն գնով մեկուսացնել փորձող ճիգերը կրնան իրենց «սահմաններէն» դուրս գալ եւ հասնիլ մինչեւ Թուրքիա, այդպիսով շրջանին մէջ առկայ տագնապը վերածելով համընդհանուր լարումի:
Անգարայի դէպի Քաթար զինուորական շօշափելի «աջակցութիւն» տալու երեւոյթը կրնայ շատ աւելի բարդ իրավիճակներու տանիլ, յատկապէս որ սկիզբ առած տագնապը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու բոլոր փորձերը կը բախին փակուղիներու:
Սէուտցիք, որ տարբեր առիթներով յայտարարած են, որ իրենք նպատակ չունին Քաթարի մէջ իշխանափոխութիւն իրականացնել, նաեւ ըսած են, որ իրենց այս քայլերուն հիմնական նպատակն է Քաթարի, յատկապէս արտաքին քաղաքականութեան մէջ տեսնել արագ փոփոխութիւններ: Այս մօտեցումին դիմաց ալ քաթարցի մէկէ աւելի բարձրաստիճան պատասխանատուներ յայտարարած են, որ իրենք եւս նպատակ չունին զիջելու եւ աւելին, դիմած են իրենց «բարեկամ» հարեւաններուն ՝ Իրանին եւ Թուրքիոյ, որպէսզի սկիզբ առած ամպարկոյին դէմ գործի դրուած տնտեսական «կանխարգելիչ» քայլերէն անդին կարողանան նաեւ «ապահովական» նեցուկ մը ունենալ:
Քաթարի դէմ գործադրուած տնտեսական «պատժամիջոցներ»էն անմիջապէս ետք Տոհա խնդիրը կը տանի այլ հարթութիւն: Ու Անգարայի կատարելիք քայլերէն անմիջապէս ետք չի բացառուիր, որ սիւննի աշխարհի «գերագոյն ուժ» ըլլալու միտող Ռիատ այս անգամ իր նետերը կրնայ ուղղել դէպի Անգարա:
Եղածը սիւննի աշխարհի մէջ ընթացք առած բախումներու, հաշիւներու եւ շրջանի առաջնորդը դառնալու մրցավազք մըն է ու այս տագնապի աւարտին է նաեւ, որ յստակ կերպով պիտի ընդգծուի, թէ իրողապէս ով է սիւննիներու «իրական տէր»ը ու անոնց անունով խօսողը:
Այստեղ չպէտք է մոռնալ, որ հարցը զինուորական գետին տանելու համար «պէտք ունի» Սպիտակ Տան «այո»ին:
Ամերիկացիք, որ ընթացող «խաղ»ին կը հետեւին հեռատեսիլի ցանցերէն շատ ալ մտահոգ չեն երեւիր:
Ու յստակ է նաեւ, որ բարձր լարումներու, տնտեսական մօտեցումներու եւ նոյնիսկ զինուորական գործարքներու հիմքով ընթացք առած այս տագնապը նպատակ ունի Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր աշխարհին, որպէս մէկ ու միացեալ պլոք ներկայացող ու ձեւացող սիւննի աշխարհի միթը կազմաքանդել:
Թէ ո՞ւր կրնայ տանիլ այս տագնապը յստակ չէ, սակայն բացորոշ է, որ ականատես պիտի ըլլանք նոր բաժանումներու, որոնք կրնան բաւական բարդ, վտանգաւոր եւ նոյնիսկ արիւնալի «բաժանումներ»ու առաջնորդել: