Հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հոլիուտի աշխարհահռչակ դերասան Լիոնարտօ Տի Գաբրիոն նոր ֆիլմի մը մէջ հանդէս գայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերով: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի կայքը, նշելով, որ «Փութին» կոչուող ֆիլմը պիտի նկարահանուի Մեծն Պրիթանիոյ մէջ գրանցուած KnightsBridge Entertainment ընկերութեան կողմէ:
Աղբիւրի հաղորդմամաբ, Փութինի մասին պատմող ֆիլմի նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են շուրջ մէկ տարի առաջ եւ յառաջիկայ Գարնան կը նախատեսուի ֆիլմի նկարահանման մեկնարկը: Կը նշուի նաեւ, որ բացի Տի Գաբրիոյէն, ֆիլմին մէջ դերերով հանդէս պիտի գան այլ հոլիուտեան աստղեր եւս: Աղբիւրի համաձայն, Ռուսաստանի նախագահի մասին պատմող գեղարուեստական ֆիլմը պաստառի վրայ կը յայտնուի 2017 թուականի Գարնան:
Նշենք, որ ֆիլմի բեմադրիչներէն մէկը հայազգի` Վալէրի Սահարեանն է: Սահարեանի անունը հայ շրջանակին յայտնի դարձած էր 2010 թուականին՝ որպէս երգչուհի Եվա Ռիվասի բեմադրիչ: Սահարեան նաեւ Մոսկուաի մէջ Քրեմլի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցող «Տաշիր» եւ «Արմէնիա» տարեկան մրցանակաբաշխութիւններու կազմակերպիչն է: