image
Հրատապ լուրեր:

Շատ Հաւանական է, Որ Տի Գաբրիո Ստանձնէ Փութինի Դերը

Շատ Հաւանական է, Որ Տի Գաբրիո Ստանձնէ Փութինի Դերը

Հաւանական է, որ յառաջիկայ ամիսներուն Հոլիուտի աշխարհահռչակ դերասան Լիոնարտօ Տի Գաբրիոն նոր ֆիլմի մը մէջ հանդէս գայ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի դերով: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի կայքը, նշելով, որ «Փութին» կոչուող ֆիլմը պիտի նկարահանուի Մեծն Պրիթանիոյ մէջ գրանցուած KnightsBridge Entertainment ընկերութեան կողմէ:

Աղբիւրի հաղորդմամաբ, Փութինի մասին պատմող ֆիլմի նախապատրաստական աշխատանքները սկսած են շուրջ մէկ տարի առաջ եւ յառաջիկայ Գարնան կը նախատեսուի ֆիլմի նկարահանման մեկնարկը: Կը նշուի նաեւ, որ բացի Տի Գաբրիոյէն, ֆիլմին մէջ դերերով հանդէս պիտի գան այլ հոլիուտեան աստղեր եւս: Աղբիւրի համաձայն, Ռուսաստանի նախագահի մասին պատմող գեղարուեստական ֆիլմը պաստառի վրայ կը յայտնուի 2017 թուականի Գարնան:

Նշենք, որ ֆիլմի բեմադրիչներէն մէկը  հայազգի` Վալէրի Սահարեանն է: Սահարեանի անունը հայ շրջանակին յայտնի դարձած էր 2010 թուականին՝ որպէս երգչուհի Եվա Ռիվասի բեմադրիչ: Սահարեան նաեւ Մոսկուաի մէջ Քրեմլի Համագումարներու պալատին մէջ տեղի ունեցող «Տաշիր» եւ «Արմէնիա» տարեկան մրցանակաբաշխութիւններու կազմակերպիչն է: