Ղարաբաղ-Ազրպէյճան սահմանին իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած: Ըստ ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, երէկ գիշեր հակառակորդը հրադադարը խախտած է 120 անգամ` հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով 1100 կրակոց: Կը հաղորդուի նաեւ, որ կրակոցներուն հետեւանքով զոհուած է 20-ամեայ զինծառայող ՝ Կարէն Արմէնի Գրիգորեանը: