image

Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա եւ Սուրիոյ նախագահ Ասատ պիտի մասնակցին Սուրիոյ հարցով խաղաղութեան բանակցութիւններուն

Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա եւ Սուրիոյ նախագահ Ասատ պիտի մասնակցին Սուրիոյ հարցով խաղաղութեան բանակցութիւններուն

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ, 23 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան եւ Սուրիոյ նախագահ Ասատը յօժարութիւն յայտնած են ներկայ գտնուելու Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ կայանալիք խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման, կը գրէ «Ռոյթըրզ»:

Այս առթիւ Փութին նշած է, որ Հալէպէն զինեալներու եւ խաղաղ քաղաքացիներու տարհանումն անհնար էր, առանց Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի համագործակցութեան եւ Ասատի կամեցողութեան, աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ ամբողջ երկրի տարածքին զինադադար հաստատելը:

Նշենք, որ ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարին, Աստանայի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի մեկնարկեն յառաջիկայ Յունուարի կիսուն: