Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ, 23 Դեկտեմբերին յայտարարած է, որ Ռուսիան, Իրանը, Թուրքիան եւ Սուրիոյ նախագահ Ասատը յօժարութիւն յայտնած են ներկայ գտնուելու Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ կայանալիք խաղաղութեան բանակցութիւններուն՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճգնաժամի լուծման, կը գրէ «Ռոյթըրզ»:
Այս առթիւ Փութին նշած է, որ Հալէպէն զինեալներու եւ խաղաղ քաղաքացիներու տարհանումն անհնար էր, առանց Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի համագործակցութեան եւ Ասատի կամեցողութեան, աւելցնելով, որ Սուրիոյ մէջ յաջորդ քայլը պէտք է ըլլայ ամբողջ երկրի տարածքին զինադադար հաստատելը:
Նշենք, որ ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարին, Աստանայի մէջ խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի մեկնարկեն յառաջիկայ Յունուարի կիսուն: