image

Ռուսիա եւ Թուրքիա կ'աճապարեն վերականգնելու յարաբերութիւնները. «Լը Մոնտ»

Ռուսիա եւ Թուրքիա կ'աճապարեն վերականգնելու յարաբերութիւնները. «Լը Մոնտ»

Ֆրանսական «Լը Մոնտ» թերթը, մեկնաբանելով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու վերջին հանդիպումը՝ գրած է, որ երկու երկիրներն ալ կ՛աճապարեն վերականգնելու յարաբերութիւնները։

«Երկու երկիրներու հաշտութենէն ընդամէնը ամիս մը ետք, Էրտողան յայտարարեց, որ Օգոստոս 9ի այցելութիւնը նոր էջ մը պիտի բանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ», գրած է թերթը՝ յիշեցնելով, որ Վլատիմիր Փութին առաջին նախագահներէն էր, որ զինուորական ձախող հարուածէն ետք հեռաձայնեց Էրտողանին ու զօրակցութիւն յայտնեց անոր։

Ակնարկելով ռուսական օդանաւի զգետնումին ստեղծած տագնապի հանգուցալուծման՝ թերթը գրած է. «Ութամսեայ փոխադարձ մեղադրանքներէ ետք, Մոսկուա անսպասելի արագութեամբ ընդունեց Անգարայի ներողութիւնը ու չեղեալ նկատեց կարեւոր սահմանափակումներ՝ զբօսաշրջութեան մարզէն ներս»։

Ֆրանսական թերթին համաձայն՝ յարաբերութիւններու մերձեցման կողքին կարելի է նաեւ ակնկալել, որ պիտի վերականգնին «Թրքական Հոսք» կազատարին ու Աքքույուի հիւլէակայանին նախագիծերը։

«Լը Մոնտ» կը պնդէ, թէ Փութինի ու Էրտողանի միջեւ տակաւին տարակարծութիւններ կան՝ մանաւա՛նդ սուրիական տագնապին գծով։ «Էրտողան կը պնդէ, որ Պաշշար Ասատ պէտք է հեռանայ պաշտօնէն. բան մը, որուն վճռաբար դէմ կու գայ Մոսկուա։ Ամէն պարագայի, Էրտողան կ՛ընդունի սուրիական հակամարտութեան մէջ Ռուսիոյ առանցքային դերը», կ՛եզրակացնէ «Լը Մոնտ»։