Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի նկարները տարածուած են Լիբանանեան Սուր քաղաքի ծանուցման վահանակներուն վրայ, ինչը անցորդներու ուշադրութիւնը գրաւած էր եւ հարցականներ առաջացուցած՝ այս քարոզարշաւի եւ անոր ետին կանգնած անձի շուրջ:
«Ալ-Ժատիտ» ուսումնասիրելով այս քարոզարշաւին ետին եղող մարդուն եւ մանրամասնութիւններուն մասին, պարզած է, որ հարաւային Լիբանանի քաղաքացի Մուհամետ Սաապ, որ քոզմէթիքի գործարանի սեփականատէր է, 1995-էն ի վեր Ռուսաստանի մէջ կ'աշխատի եւ ամուսնացած է ռուսի հետ, ինչպէս ըսած է ան:
Ան խօսելով քարոզարշաւի մասին, բացատրած է «Ալ-Ժատիտ»ին, որ «ան ինքնաբուխ ձեւով եղած է եւ նպատակ ունի ռուսական քաղաքացիութիւն կրող լիբանանցիներուն քաջալերել, որ 18 մարտ 2018-ի Ռուսաստանի նախագահական ընտրութիւններուն Փութինին ձայն տալ: