image

Ռուս խաղաղապահները մեծ թափով կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները

Ռուս  խաղաղապահները մեծ  թափով կը շարունակեն ականազերծման աշխատանքները

Ռուսաստանի Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջազգային ականազերծման կեդրոնի մասնագէտները շարունակած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծման եւ պայթելու վտանգ ներկայացնող իրերու յայտնաբերման ու վնասազերծման աշխատանքները: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ` այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքը:

«Խաղաղապահ առաքելութեան ողջ ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ականազերծուած է շուրջ 859,3 հա տարածք, 245,8 քմ ճանապարհ: Յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 23 հազար 936 պայթիւնավտանգ առարկայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի 2020 թուականի 10 նոյեմբերի հրամանագրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած է  ռուս խաղաղապահներու զօրակազմը: Զօրակազմի հիմքը կը կազմէ Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մոթոհրաձգային զօրախումբը։ Խաղաղապահներու հրամանատարն է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը։