Փաքիստանի մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ մեկնարկող Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան հանդիպում պիտի ունենան, կը գրէ թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը:
Երկու նախագահները Իսլամապատի մէջ պիտի քննարկեն Սուրիոյ տարածքին հակաահաբեկչական պայքարն ու համատեղ գործողութիւններու քարտէզի ստեղծումը:
Տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներն են Իրանը, Թուրքիան, Թուրքմէնստանը, Փաքիստանը, Աֆղանստանը, Ղրղզստանը, Ուզպէքստանը, Ղազախստանը, Տաճիկստանն ու Ազրպէյճանը: