image

Ռէմոն Գէորգեանի «Վերլուծել պատմութիւնը եւ կերտել ապագան. Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու օրինակը» դասախօսութիւնը

Ռէմոն  Գէորգեանի «Վերլուծել պատմութիւնը եւ կերտել ապագան. Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու օրինակը» դասախօսութիւնը

Երեւանի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպութեամբ հռչակաւոր ֆրանսահայ պատմաբան Ռէմո Գէորգեանը «Վերլուծել պատմութիւնը եւ կերտել ապագան. Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու օրինակը» թեմայով դասախօսութիւն պիտի տայ: Գէորգեանի հանդիպում-դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, ժամը 18:30-ին, ՀԲԸՄ Երեւանի կենդրոնատեղիէն ներս (Մելիք-Ադամյան 2/2, Երեւան): Նշենք, որ Ռայմոնտ Գէորգեան՝ ֆրանսահայ պատմաբան , ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ եւ պատմական գիտութիւններու դոկտ-փրոֆէսոր է: Աւարտած է Սան Տէնիի փարիզեան համալսարանը, ուր ներկայիս կը դասաւանդէ, ինչպէս նաեւ կ'աշխատի որպէս Ֆրանսայի աշխարհաքաղաքականութեան ինստուտի հետազոտութիւններու ղեկավար: Գէորգեան «Նուպարեան» գրադարանի տնօրէնն է,ինչպէս նաեւ «Հայ ժամանակակից պատմութիւն» ամսագրի խմբագիրը:
Հեղինակն է «Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջական պատմութիւն» աշխատութեան (2006), ուր լայնօրէն օգտագործած է «Նուպարեան» գրադարանի արխիւային նիւթերը։

2010 թուականին Գէորգեան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ արժանացած է Նախագահական յատուկ մրցանակի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին իր նշանակալի աւանդին համար: