Երեւանի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) կազմակերպութեամբ հռչակաւոր ֆրանսահայ պատմաբան Ռէմո Գէորգեանը «Վերլուծել պատմութիւնը եւ կերտել ապագան. Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու օրինակը» թեմայով դասախօսութիւն պիտի տայ: Գէորգեանի հանդիպում-դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 2 մարտ 2016-ին, ժամը 18:30-ին, ՀԲԸՄ Երեւանի կենդրոնատեղիէն ներս (Մելիք-Ադամյան 2/2, Երեւան): Նշենք, որ Ռայմոնտ Գէորգեան՝ ֆրանսահայ պատմաբան , ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ եւ պատմական գիտութիւններու դոկտ-փրոֆէսոր է: Աւարտած է Սան Տէնիի փարիզեան համալսարանը, ուր ներկայիս կը դասաւանդէ, ինչպէս նաեւ կ'աշխատի որպէս Ֆրանսայի աշխարհաքաղաքականութեան ինստուտի հետազոտութիւններու ղեկավար: Գէորգեան «Նուպարեան» գրադարանի տնօրէնն է,ինչպէս նաեւ «Հայ ժամանակակից պատմութիւն» ամսագրի խմբագիրը:
Հեղինակն է «Հայոց ցեղասպանութիւն` ամբողջական պատմութիւն» աշխատութեան (2006), ուր լայնօրէն օգտագործած է «Նուպարեան» գրադարանի արխիւային նիւթերը։
2010 թուականին Գէորգեան ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի կողմէ արժանացած է Նախագահական յատուկ մրցանակի, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործին իր նշանակալի աւանդին համար: