Այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ մարտերը դադրած են «Ռաս Պաալպէք»ի եւ «Ալ Քահ» շրջանին մէջ: Այս մասին լուրը փոխանցեց Vdl կայանը յաւելելով նաեւ, որ յառաջիկայ ժամերուն կարեւոր զարգացումներ կը սպասուին կապուած լիբանանեան բանակի ինը գերեվարուած զինուորներու ճակատագրին:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ Լիբանանի պաշտպանութեան նախարար Եահքուպ Ալ Սարրաֆ եւ ԱԳ նախարար Ժըպրան Պասիլ առաւօտ կանուխ ուղղուած են Եարզէյի մէջ գտնուող պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնատեղի մօտէն հետեւելու համար ընթացող զարգացումներուն:
Յիշեցնենք, որ օր առաջ ընթացք առած զինուորական գործողութիւններուն նպատակն էր «Տահէշ»էն ազատագրել «Ռաս Պաալպէք»ի լեռնային շրջանները եւ բացայայտել 2014 -էն ի վեր գերի ինկած ինը զինուորներուն ճակատագիրը:
Ըստ «Ալ Մայատին» կայանին այդ հատուածներուն մէջ կը գտնուին «Տահէշ»-ի 600 ահաբեկիչներ ու շատ հաւանական է, որ համաձայնութեամբ մը անոնք հեռանան դէպի Տէր Զօր: