Լիբանանեան բանակը կը պատրաստուի «Տահէշ» խմբաւորման վճռական եւ մահացու հարուած մը տալ Պաալպէքի լեռնային շրջաններուն մէջ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցեն լիբանանեան ԶԼՄ-ներ, նշելով նաեւ, որ բանակը կըսպասէ «Զէրօ ժամ»ին, որ պայմանաւորուած է «Սարայա ահլ ալ շամ» խմբաւորման զինեալներուն այդ շրջանէն հեռացումով:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ բանակը ռազմական գործողութիւններու «թայմինկ»ը անակնկալ կը պահէ` արագ եւ հատու գործողութիւններով իր լրումին հասցնելու այդ շրջաններէն «Տահէշ» խմբաւորման հեռացումը:
Ըստ լիբանանեան «Ալ Ախպար» պարբերականին, մինչ լիբանանեան բանակը իր գործողութիւնները պիտի սկսի «Ռաս Պաալպէք»ի արեւմուտքէն, անդին այդ այդ շրջանի արեւելեան եւ հիւսիսային անոր պիտի ուղեկցին «Հըզպալլա»ի զինեալներն ու Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումները (բնականաբար սուրիական կողմէն):
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել