image

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Վարչապետ Հարիրիին

ՌԱԿ-ի Պատուիրակութիւն Մը  Այցելեց   Վարչապետ Հարիրիին

ՌԱԿ-ի Լիբանանի շրջանակը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Պէյրութի Կեդրոնական Տան՝ «Պէյթ Էլ Ուասաթ»ի իր նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի նախկին վարչապետ՝ «Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի ղեկավար Սաատ Հարիիրի հետ: Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է ՌԱԿ-ի Լիբանանի  աղբիւրը,  որ  նաեւ  յայտնած է, թէ  հանդիպման Լիբանանի ՌԱԿը ներկայացուցած են  ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ  Միքայէլ Վայէճեան, ՌԱԿի պետական նախկին երեսփոխան  Յակոբ Գասարճեան եւ «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագիր Սեւակ Յակոբեան: Հանդիպումը առիթ  եղած է  արծարծելու Լիբանանը եւ տարածաշրջանը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ մօտալուտ քաղաքապետական ընտրութիւններու օրակարգը: