image

Քուէյթի մէջ. Նախագահ Ասատի մանուկ հասակի պատկերը մեծ աղմուկի պատճառ կը դառնայ (Տեսանիւթ)

Քուէյթի մէջ.  Նախագահ Ասատի  մանուկ  հասակի  պատկերը մեծ  աղմուկի   պատճառ կը դառնայ (Տեսանիւթ)

Օրեր առաջ  համացանցի   ճամբով եւ Քուէյթի    մասին մատմող կարճ տեսահոլովակի մը մէջ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի  մանուկ հասակին առնուած մէկ  պատկերը մեծ աղմուկի պատճառ դարձած է։

Այս մասին  կը գրէ «Ալ Ժատիտ»  կայանը` նշելով նաեւ, որ մասնաւորապէս ընկերային ցանցի     մեծաթիւ  օգտատէրեր իրենց զարմանքն ու ընդվզմումը արտայայտած են    այդ տեսահոլովակի սկիզբը  նախագահ Ասատի  պատկերին երեւման  առընթեր։

Տակաւին   այդ օգտատէրերէն շատեր  աւելի հեռուն երթալով քննադատած են Քուէյթի   մշակոյթի   նախարարութիւնը,   իր       ունեցած մեծ  բացթողումին համար։

Նշենք նաեւ, որ Քուէյթի    իշխաններուն եւ  առհասարակ   ժողովուրդին ու պետութեան մասին պատմող  կարճ տեսահոլովակին  մէջ մասնակցութիւն ունեցած են   արաբական աշխարհին մէջ  կարեւոր անուն  ունեցող   աստղեր, որոնցմէ կարելի է յիշել Հիւսէն Ալ Ժասէմի եւ  Ասալա  Նասրին։

 Կը  նշուի նաեւ, որ  Քուէյթի պատկան  մարմիններ մինչեւ այս  լուրին հրապարակուիլը, ոչ մէկ կերպ արձագանգ տուած են եղածին։