Անցնող 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա»ի հետեւանքով երկու հայորդիներ մահացած են։
Պէյրութի եւ Պոլսոյ մէջ մահացողներն են ՝ Արտաւազդ (Արտօ) Պօղոսեանը, իսկ Պոլսոյ մէջ՝ Արա Թէլլէրը։
Նշենք, որ Արտօ Պօղոսեանի մահուան լուրը տրուած է ««Քորոնա»ի ճգնաժամի շտաբ»ի դիմատետրի էջը, իսկ Արա Թէլլէրի մահուան լուրը տուած է մեր պաշտօնակից ՝ «Ժամանակ»ը։
Նշենք, որ այսպիսով «Քորոնա»ի հետեւանքով Պոլսոյ մէջ մահացած մեր հայրենակիցներուն թիւը կը բարձրանայ 7-ի, իսկ Պէյրութի մէջ մահացածներու թիւը 3–ի։