image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Եգիպտոսի մէջ վարակակիրներու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ

«Քորոնա»ի  Տագնապ. Եգիպտոսի մէջ վարակակիրներու թիւը կը շարունակէ բարձրանալ

Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է երկրին մէջ վերջին 1 օրուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակման 1577 դէպքի մասին։ Սա մրցանշային ցուցանիշ է համավարակի սկսելէն ի վեր։ Այսպիսով՝ Եգիպտոսի մէջ վարակակիրներու ընդհանուր թիւը գերազանցած է 40 հազարը, կը փոխանցէ «Ռիա Նովոսթի»ն: 

Վերջին 1 օրուան ընթացքին երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրէն մահացած է 45 մարդ, ընդհանուր՝ 1422։ Առողջացած է 11 108 մարդ։

Վարակակիրներու մեծ մասը բաժին հասած է հիւսիսային հատուածին՝ Գահիրէ, Ճիզա, Քալիւպիա։

Երկրի առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ըրած է քաղաքացիներուն պահպանելու անվտանգութեան կանոններն ու դիմակ կրելը։ Կանոնները խախտողներուն կը սպասէ 2500 ԱՄՆ տոլարի տուգանք։

Մինչեւ յունիսի վերջ Եգիպտոսի մէջ պիտի գործեն «Քորոնա» ժահրով պայմանաւորուած սահմանափակումները, այդ շարքին լողափերն ու այգիները պիտի չգործեն։