image

«Քորոնա»ի Տագնապ. Ամերիկայի ՍԴՀԿ-ի մարմինը ստեղծած է Խորհրդատուական Գրասենեակ

«Քորոնա»ի Տագնապ. Ամերիկայի ՍԴՀԿ-ի մարմինը ստեղծած է  Խորհրդատուական Գրասենեակ

Լոս Անճելոս հրապարակուող «Մասիս»էն վերահասու կը դառնանք, որ «Քորոնա» վարակին դէմ տարուող պայքարի ծիրէն ներս ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինը ստեղծած է Խորհրդատուական յատուկ գրասենեակ։


Այս  առումով «Մասիս» մասնաւորապէս կը գրէ.

 

«ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի նախաձեռնութեամբ ու համագործակցութեամբ Հայկական Կրթական Բարեսիրական Միութեան (ՀԿԲՄ) եւ Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի (ՀԱԽ) կը յայտարարէ, որ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած տագնապալի վիճակին բերումով կեանքի կոչած ենք յատուկ գրասենեակ մը:

Սոյն գրասենեակը խորհրդատուական ծառայութիւններ պիտի տրամադրէ պետական եւ այլ նպաստներէն օգտուելու կարելիութիւններուն մասին, որպէսզի Հայ քաղաքացիները կարողանան որոշ չափով յաղթահարել տնտեսական դժուարութիւնները:

Խորհրդատուութեան եւ օժանդակութեան համար կարելի է դիմել հեռաձայնելով հետեւեալ թիւին՝ 888-908-1887:

Կամ՝ contactus@aebu.org

Այս առթիւ կոչ կ'ուղղենք հետեւիլ շրջանի առողջապահական կանոններուն եւ ապահովական բոլոր թելադրանքներուն:

 

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին»: