«Քորոնա» վարակին դէպ պայքարելու համար ստեղծուած Օքսֆորտ Համալսարանի գիտահետազօտական խումբը յայտարարած է, թէ «Քորոնա» ժահրի վարակի դէմ պատուաստը կրնայ պատրաստ ըլլալ յառաջիկայ սեպտեմբերին:
Այս մասին հաղորդած է բրիտանական Daily Mail-ը:
Փրոֆեսոր Սարա Կիլպէրթ՝ Օքսֆորտ համալսարանի պատուաստներու մասնագէտ, որ ներկայիս կը գլախաւորէ ամէնէն զարգացած բրիտանական պատուաստներու ոսումնասիրութիւնները, յայտնած է, որ 80 տոկոսով վստահ է, որ իր խումբը պիտի կարենայ ստեղծել «Քորոնա» ժահրի վարակի դէմ պատուաստը այս տարուայ աշնան:
Փրոֆեսորը աւելցուցած է,թէ մինչեւ անցեալ ամիս կը յուսար, որ 2020ի վերջաւորութեան հազիւ թէ պատրաստ կ'ըլլայ պատուաստը, սակայն հիմա արդէն ան լաւատես է, թէ պատրաստուած պատուաստը մարդոց վրայ փորձարկել պիտի սկսի այս լուրի հրապարակումէն երկու շաբաթ անց։
Իր կարգին Մեծն Բրիտանիոյ կառավարութիւնը նշեց, որ նկատի ունենալով թէ պատուաստի ստեղծումը բաւական յուսադրիչ է, նիւթապէս պիտի հովանաւորէ միլիոնաւոր պատուաստներու պատրաստութիւնը։
Փրոֆեսոր Կիլպերթի գիտահեզօտական խումբը, մէկն է այն տասնեակ խումբերէն, որոնք կը փորձեն «Քորոնա» ժահրի վարակին դէմ պատուաստ ստեղծել, արագօրէն ձերբազատուելու այս ողբերգական վիճակէն, որ կը տիրէ ամբողջ աշխարհի, ընդ որում Մեծն Բրիտանիոյ մէջ։
Նշենք, որ Փրոֆ. Կիլպէրթի այս յայտարարութիւնները տեղի կ'ունենան այն ժամանակ, երբ առողջապահութեան մասնագէտները կ'ըսեն, թէ «Քորոնա» ժահրը աւելի դանդաղ կը փոխուի, քան շնչառական այլ ժահրեր, ինչպէս օրինակ՝ կրիփը: