Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան պատգամաւոր Պեսիմէ Քոնճա պիտի կալանաւորուի: Այս մասին յայտնած է թրքական «Միլլիյէթ» պարբերականը, աւելցնելով, որ դատախազութիւնը պատգամաւորին կալանաւորելու մասին պահանջն ուղարկած է դատարան:
Քոնճա, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Չաղլար Տեմիրէլ ձերբակալուած են 12 Դեկտեմբերին: Տիարպէքիրի եւ Պաթմանի հանրապետական դատախազութիւններու կողմէ իրականացուող հետաքննութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած պատգամաւորները կը մեղադրուին «ահաբեկչական խմբաւորման օգտին քարոզչութիւն իրականացնելու» եւ «ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու» մէջ:
Յիշեցնենք, որ աւելի շուտ` 2016 թուականի Հոկտեմբերի 4-ին ձերբակալուած, ապա կալանաւորուած էին Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Դեմոկրատական Կուսակցութեան համանախագահներ Սալահէլտին Տէմիրթաշ եւ Վիգէն Եուքսէքտաղ, ինչպէս նաեւ կուսակցութեան անդամ եւս 10 պատգամաւոր:
Տիարպէքիրի հանրապետական գլխաւոր դատախազութենէն յայտնած են, որ ձերբակալուածներու դէմ հետաքննութիւն կ'իրականացուի «զինուած ահաբեկչական խմբաւորման անդամակցելու, յանցագործութեան դրդելու եւ ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւնն իրականացնելու» մեղադրանքներով: