ԱՄՆ- Ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան եւ անոր ամուսինը Քայնէ Ուէսթ զոյգ մը արժէքաւոր կօշիկներ նուիրած են երիկամային հիւանդութեամբ տառապող Մաթթ Նէլին: Այս մասին կը գրէ Tmz.com, որ նաեւ կը յայտնէ,թէ Քիմ ու իր ամուսինը իմանալէ ետք Մաթի ծանր վիճակը որոշած են զոյգ մը արժէքաւոր կօշիկ նուիրել անոր: Աղբիւրը կը նշէ, որ Մաթթ Նէլ Ամերիկայի Միջիկըն նահանգէն է եւ նահանգին մէջ խստիւ արգիլուած է մարդկային օրկաններու առեւտուրը: Մաթթ նախօրօք Ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած էր, թէ իր զոյգ մը կօշիկները աճուրդի պիտի հանէ կարողանալու համար նոր երիկամներու պատուաստումը իրականացնել: Քարտաշեան եւ անոր ամուսինը կարդալէ ետք այդ մասին որոշած են օգնել հիւանդին յոյս ունենալով, որ իրենց նուիրած կօշիկները կը ծառայեն Մաթթի երիկամներու վերապատուաստման յաջողութեան:
