image
Հրատապ լուրեր:

Քիմ Քարտաշեան Իր Արժէքաւոր Կօշիկները Երիկամային Խնդիրներ Ունեցող Մաթթ Նէլին Նուիրեց (Լուսանկարներ)

Քիմ  Քարտաշեան  Իր  Արժէքաւոր Կօշիկները    Երիկամային  Խնդիրներ Ունեցող  Մաթթ Նէլին   Նուիրեց  (Լուսանկարներ)

ԱՄՆ-     Ամերիկահայ  աստղ Քիմ Քարտաշեան   եւ անոր ամուսինը  Քայնէ Ուէսթ  զոյգ մը  արժէքաւոր կօշիկներ  նուիրած են  երիկամային հիւանդութեամբ տառապող     Մաթթ Նէլին:  Այս մասին կը գրէ  Tmz.com, որ նաեւ կը յայտնէ,թէ Քիմ ու իր ամուսինը  իմանալէ  ետք  Մաթի  ծանր վիճակը  որոշած են զոյգ մը արժէքաւոր կօշիկ  նուիրել անոր:   Աղբիւրը կը նշէ, որ Մաթթ Նէլ  Ամերիկայի Միջիկըն նահանգէն է եւ     նահանգին մէջ     խստիւ արգիլուած է     մարդկային օրկաններու առեւտուրը: Մաթթ  նախօրօք   Ֆէյսպուքեան  էջին վրայ  գրած էր,  թէ   իր զոյգ մը կօշիկները աճուրդի պիտի  հանէ     կարողանալու համար     նոր երիկամներու  պատուաստումը  իրականացնել:   Քարտաշեան  եւ անոր ամուսինը կարդալէ ետք այդ մասին որոշած են  օգնել  հիւանդին    յոյս ունենալով, որ  իրենց նուիրած կօշիկները կը ծառայեն  Մաթթի  երիկամներու  վերապատուաստման յաջողութեան: