«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ծնունդով քեսապցի եւ ներկայիս ԱՄՆ հաստատուած երիտասարդ գրող Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանը:
-Ո՞ր տարիքէն սկսած էք ստեղծագործել եւ ի՞նչն է ձեր ներշնչանքի աղբիւրը:
Ստեղծագործական աշխատանքս սկսած եմ երիտասարդ տարիքիս, համալսարանական տարիներուս: Որպէս երիտասարդ դասագիրքերուս էջերէն անդին կ՛որոնէի կեանքին մասին: Այդպէս սկսայ բանաստեղծութիւն գրել իմ դասատետրերուս մէջ իսկ: Ապրումներ, երազանքներ, բնութիւնը ներաշխարհովս բնութագրել...
Ներշնչանքի աղբիւրս փնտռտուքն է, հարցերու պատասխան որոնելը եւ կեանքը վերլուծելը: Առաջին բանաստեղծութիւններէս են «Իտէալին», «Նոր տարուայ գիշեր» եւ «կ՛երգէ կեանքը»:
-Գալով ձեր վերջերս լոյս տեսած գիրքին, առաջին հատորին, ո՞ր տարիներուն գրուած գործերը ընդգրկուած են այս հատորին մէջ եւ ինչի՞ մասին է գիրքը՝ թեման:
«Արեգնատենչ հորիզոններ» հատորիս մէջ գրեթէ կան ցարդ գրուած բոլոր բանաստեղծութիւններս, ըլլան անոնք ապրում, կամ կեանքի որոնում, կամ հոգիի թռիչք: Հատորի թեման կ՛արտացոլայ իր իսկ վերնագրին ընդմէջէն, որ կը հայցէ արեգակին, վեհին ու արդարին: Ան բաժնուած է 11 ենթավերնագիրներու:
Ենթավերնագիրներէն մին կը կոչուի «Գիւղիս գրկին մէջ», հոն կան բանաստեղծութիւններ, օրինակ «Բլուրը», «Լալան», «Մայրի ծառը» եւ այլն, որոնք կը բնութագրեն ծննդավայրս:
-Ինչպէս գիտենք, դուք ծնած էք Միջին Արեւելքի մէջ, որ սփիւռքին մտաւորականներ եւ գրողներ հայթայթող տարածքը կը համարուի եւ այսօր կ'ապրիք ու կը ստեղծագործէք ԱՄՆ-ի մէջ: Արդեօք անգլերէնով ստեղծագոծելու փորձեր ըրա՞ծ էք կամ փափաքը ունի՞ք:
Ես կը ստեղծագործեմ հայերէնով, եւ այդ կը պարտիմ ծննդավայրիս եւ Հալէպի հայագիտական Հիմնարկին, ուր հայագիտական ուսումս ստացած եմ: Փորձեր չեմ կատարած անգլերէնով գրելու, որովհետեւ լեզուամտածողութիւնս հայերէն է, բայց հատորին անգլերէնի թարգմանութիւնը կարելի է:
-Ինչպէս գիտենք, դուք ԱՄՆ հաստատուած էք նախքան Սուրիոյ պատերազմը: Քեսապի դէպքերը ոչ միայ սուրիահայութեան այլ ամբողջ հայութեան համար ցնցող եւ ամենածանր օրերն էին այդ պատերազմին: Դուք, ըլլալով քեսապցի, ի՞նչ ապրումներ ունեցաք այդ օրերուն, այսօր ինչպէ՞ս կը տեսնէք Քեսապի ներկան, ապագայի հանդէպ յոյսեր կա՞ն որ Քեսապը պահպանէ իր հայկական դիմագիծը, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:
Սուրիոյ պատերազմի ժամանակ հայկական գաղութը ճգնաժամային օրեր ապրեցաւ: Թէեւ ես նախքան պատերազմ բնակութիւն հաստատած էի ԱՄՆ, բայց շատ դժուար էր հեռուէն տեսնել եւ զգալ այդ ամէնը: Երբ Քեսապէն տեղահանուեցաւ բնակչութիւնը, գրեցի «Ես զաւակն եմ քու հողիդ» բանաստեղծութիւնը: Եօթը տարիներ ետք առիթը ունեցայ կրկին այցելելու Քեսապ, ուր բաւական վնասներ կրած էր պատերազմէն, բայց նոյն հոգեհարազատ Քեսապն է: Ամուսնոյս Տէր Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանին հետ Ներկայ եղանք Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի ամավերջի հանդէսին, ուր ըմբոշխնեցինք աշակերտներուն հայկական շունչն ու պատգամը: Քեսապցիք ամէն ջանք կը թափեն, որ Քեսապ պահէ իր հայկական դիմագիծը, եւ մեր յոյսն ու աղօթքն է, որ խաղաղութիւն տիրէ եւ բոլորը շարունակեն իրենց բնականոն կեանքը: Քեսապ ինծի համար սիրտի զարկերակն է, որ միշտ պիտի բաբախէ իր զաւակներուն սիրտին մէջ: