image

Քաթարի կեդրոնական բանտին մէջ անմխիթար վիճակ. Human rights watch-ի ահազանգը

Քաթարի  կեդրոնական  բանտին մէջ  անմխիթար վիճակ. Human rights watch-ի ահազանգը

Մարդկային իրաւանց «Human rights watch» կազմակերպութիւնը Քաթարի բանտերը ղեկավարաող իշխանութիւններէն պահանջած է, արագօրէն գործադրել հարկ եղած կիրառումները, աւելի նպաստաւոր պայմաններ ապահովելու բանտարկեալներուն եւ պաշտօնեաներուն, մանաւանդ «Քորոնա»-ի  Տոհայի  կեդրոնական բանտին մէջ   տարածուած ըլլալու մասին  շրջանառուած    լուրերէն ետք։

Կազմակերպութիւնը շեշտած է, որ Քաթարի իշխանութիւնները պարտաւոր են նուազեցնել բանտարկեալներու թիւը, պահպանելու ընկերային պահանջուած հեռաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ տարածել ժահրի մասին տեղեկութիւններ եւ ցուցաբերել համապատասխան բժշկական օգնութիւն: Նաեւ ընդունիլ յարմար արարողակարգեր բանտարկեալներու անձնական մաքրութեան վերաբերեալ: Նմանապէս տրամադրել դիմակներ ու ձեռնոցներ, կասեցնելու վարակի տարածումը:

Կազմակերպութեան Մերձաւոր Արեւելքի գրասենեակի փոխ տնօրէն Մայքըլ Փէյճ ըսած է.-«Քաթարի իշխանութիւնները, պէտք է արագ շարժին կասեցնելու «Քորոնա» ժահրի վարակը, որ կը սպառնայ թէ՛ բանտարկեալներուն, թէ՛ բանտի պաշտօնեաներուն։ Իշխանութիւնները կրնան ազատ արձակել տարեց բանտարկեալները, կամ թեթեւ յանցագործութիւններով բանտարկուածները, ապահովելու համար աւելի լաւ բժշկական պայմաններ մնացեալ բանտարկեալներուն»:

Կազմակերպութիւնը զրուցելով 6  բանտարկեալներու հետ, տեղեկացած է թէ ինչ վատ պայմաններու մէջ կը գտնուի Տոհայի  կապուած  «Քորոնա» ժահրի   տարածման խնդրին։

Նկարագրելով պայմանները,  բանտարկեալներ   ըսած են, որ «Միայն 8 զուգարան կայ 150 բանտարկեալի համար, կը քնանանք յատակը, կամ գրադարանը կամ մզկիթին մէջ: Կարծես Ախոռի մէջ կենդանիներ ենք»:

Ըստ բանտարկեալներուն՝ բանտի պաշտօնեաներն ու պահակները, միայն անցեալ շաբաթ սկսած են դիմակներ ու ձեռնոցներ  գործածել: Իսկ բժիշկները դադրած են այցելութենէ: «Նախապէս եթէ անհանգիստ ըլլայինք կրնայինք երթալ հիւանդանոց, կամ բուժաշխատողները կ'այցելէին մեզի, հիմա ո՛չ այդ մնաց, ո՛չ միւսը»: Անոնք հաստատած են թէ բաւարար ջուր եւ օճառ չեն ստանար, կը տրամադրուի միայն երկու դիմակ: Իսկ բանտը ընդհանուր ձեւով չէ հականեխուած տակաւին: «Բանտարկեալները, նոյնիսկ եթէ ստանան դիմակներ, կը հրաժարին զանոնք կրելէ, եւ պահակները հետեւողական չեն այդ առընչութեամբ» ըսած է անոնցմէ մէկը:

Քաթարի մէջ «Քորոնա» ժահրով հաստատուած պարագաներու թիւը անընդհատ կը բարձրանայ եւ 14 Մայիսին, մէկ օրուայ մէջ միայն արձանագրուած է 1733 դէպք, որ ամէնէն բարձրն է մինչեւ հիմա:

Իր  կարգին Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատար Միշել Փաշլիէն յայտարարած է, թէ «Քաթարի կեդրոնական բանտի վարակը կրնայ արագօրէն վտանգի ենթարկել հանրային առողջութիւնը: Քաթարի իշխանութիւնները ունին կարողութիւն պակսեցնելու հետեւանքներու վնասները, բայց պէտք է շատ արագ ու հաստատական սկսին գործել»:

 

Աղբիւրը՝ alarabiya.net

Թարգմանութիւնը ՝ Թ.Գ.