Թուրքիա-(Hurriyet-Պոլիս)-Պինկէօլի մէջ քիւրտերը պայթեցուցած են ոստիկանական մեքենայ: 1 Օգոստոսին Թուրքիոյ արեւելեան Պինկէօլ (Բիւրակն) նահանգի համանուն քաղաքի օդակայան տանող ճանապարհին պայթած է «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան» (PKK) զինեալներու կողմէ ռումբերով բեռնուած մեքենան: Այս մասին կը հաղորդէ «Hurriyet» օրաթերթի կայքը, նշելով, որ պայթումի ժամանակ ճանապարհով անցած է պարեկային ծառայութիւն իրականացնող ոստիկաններուն տեղափոխող զրահապատ մեքենան: Պայթումին հետեւանքով սպանուած է 6 ոստիկան, 3 անձեր ալ վիրաւորուած են, որոնցմէ մէկուն վիճակը ծանր է: Դէպքի վայր ժամանած են մեծ թիւով ոստիկանական ուժեր եւ շտապօգնութեան մեքենաներ: Այժմ պայթիւնը իրականացուցած քիւրտ գրոհայիններուն յայտնաբերելու ուղղութեամբ գործողութիւններ կ'իրականացուին: Տեղի ունեցածը հաստատուած է նաեւ Պինկէօլի նահանգապետարանի կողմէ: