Երկու պայթումներու հետեւանքով երէկ Պոլսոյ մէջ զոհուած են 29 անձեր: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն նաեւ, որ Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետեւանքով վիրաւորներուն թիւը անցած է 160-ը: Նշենք, որ պայթումները արդիւնք են երկու ականուած ինքնաշարժներու, որոնք տեղադրուած եղած են Պէշիկթաշի թաղամասի մէկ մարզադաշտին մօտ:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները երէկ ուշ գիշեր «սուգի օր» յայտարարած են երկրին մէջ: