image

Պոլսոյ պայթումին զոհուած են 29 անձեր. Թուրքիոյ մէջ «Սուգի օր» յայտարարուեցաւ

Պոլսոյ պայթումին զոհուած են 29 անձեր. Թուրքիոյ մէջ «Սուգի օր» յայտարարուեցաւ

Երկու պայթումներու հետեւանքով երէկ Պոլսոյ մէջ զոհուած են 29 անձեր: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը հաղորդեն նաեւ, որ Պոլսոյ Պէշիկթաշ թաղամասին մէջ տեղի ունեցած պայթումներուն հետեւանքով վիրաւորներուն թիւը անցած է 160-ը: Նշենք, որ պայթումները արդիւնք են երկու ականուած ինքնաշարժներու, որոնք տեղադրուած եղած են Պէշիկթաշի թաղամասի մէկ մարզադաշտին մօտ:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները երէկ ուշ գիշեր «սուգի օր» յայտարարած են երկրին մէջ: