image

Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն մէջ խաղաղ կիրակի է. Աղբիւր

Պոլսոյ հայկական թաղամասերուն մէջ խաղաղ կիրակի է. Աղբիւր

Ըստ «Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրին, այսօր  խաղաղ իրավիճակ  կը տիրէ   քաղաքին  մէջ   եւ հայկական   թաղամասերուն  մէջ  կեանքը  կ'ընթանայ բնականոն հունով: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ  ի տարբերութիւն երէկ  քաղաքի (յատկապէս Շիշլի  եւ Քուրթուլուշ) տարբեր թաղամասերուն մէջ  եղած   հաւաքներուն, այսօր իրավիճակը խաղաղ է: Կը  նշուի նաեւ, որ ինչպէս նպախատեսուած էր՝ հայկական եկեղեցիներուն մէջ մատուցուած է Սուրբ եւ անմահ Պատարագ:

Մեր աղբիւրը նաեւ կը փոխանցէ, որ երէկուան հաւաքները բազմամարդ չեն եղած եւ տեղի ոստսիկանութիւնը  միջամտած է, երբ  քրտամէտ HDP   կուսակցութեան   շուրջ  200 անդամներ եւ  համակիրներ  փորձած են միանալ «Ճումհուրիյէթ»  օրաթերթի   շէնքի  մօտ  ընթացող  բողոքի  հաւաքին:

Յիշեցնենք, որ   ուրբաթ առաւօտ կանուխ նշեալ կուսակցութեան  11 (որոնց մէջ նաեւ համանախագահներ Տէմիրթաշ եւ Եուքսէկտա) երեսփոխաններ  ձերբակալուած ու բանտ   տարուած էին: Անոնք մինչեւ այս ժամը  կը շարունակեն մնալ  կալանքի տակ եւ  երկրի դատական մարմինները այդ առումով յստակ որոշում մը չեն հրապարակած:  Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլին համաձայն,   HDP կուսակցութեան  վերնախաւը կը մեղադրուի     Անգարայի կողմէ ահաբեկչական   խմբաւորում համարուող PKK-ի հետ գործակցելու    մեղադրանքով: