Պոլսոյ պետական համալսարանէն ներս բախումներ տեղի ունեցած են դասախօսական կազմի, ուսանողներու եւ ոստիկաններու միջեւ, այս մասին կը հաղորդէ թրքական «diken.com.tr» կայքը։ Աղբիւրի համաձայն, ընդդիմադիր հայեացքներու տէր դասախօսներու աշխատանքէն հեռացնելն ու համալսարանականներու վրայ ճնշում գործադրելը ուսանողներու մօտ դժգոհութիւն յարուցած է, որոնք նախօրէին եկած էին համալսարան հրաժեշտ տալու իրենց դասախօսներուն եւ բողոքի երթ կազմակերպած են:
Բախումներու արդիւնքով ձերբակալուած է 6 ուսանող:


Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախարարներու խորհուրդի վերջին որոշմամբ աշխատանքէ հեռացուած է 4.464 պետական ծառայող, որոնցմէ 350-ը ակադեմիկոսներ են: Ամենածանր հարուածը հասցուած է Անգարայի պետական համալսարանին, ուր աշխատանքէ ազատուած է 72 ակադեմիկոս:
Նշենք նաեւ, որ փակուած են շարք մը առաջատար ֆակուլտետներ, համալսարանի ծրագիրէն վերացած է 30 դաս: Աւելի քան 50 տիպլոմային աշխատանք մնացած է առանց ղեկավարի: