Այսօր երեկոյան Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայան կը հասնին 1 յունուարին Պոլսոյ մէջ եղած ահաբեկչութեան զոհ գացած՝ Ռիթա Ալ Շամիի, Էլիաս Ուարտինիի եւ Հայքլ Մուսլէմի մարմինները: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայ Ձայն»: Աղբիւրը կը նշէ, որ «Րէյնա» գիշերային ակումբին դէմ եղած ահաբեկչութեան զոհ գացած էին 39 անձեր, որոնց մեծ մասը՝ զբօսաշրջիկներ:
Ըստ MTV կայանին զոհուածներէն բացի Պէյրութ պիտի հասնին հինգ վիրաւորեալներ, իսկ երեսփոխան Ըսթֆէն Տուահյհիի դուստրը՝ Պուշրա Ալ Տուայհի,որ նոյնպէս վիրաւորուած էր պիտի շարունակէ բուժում ստանալ Պոլսոյ մէջ: Լիբանանի կառավարական մարմիններ զոհերուն եւ վիրաւորներուն փոխադրութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ կատարած են:
Ստորեւ զոհուածներուն լուսանկարները ՝
