image

Պոլսոյ ահաբեկչութեան լիբանանցի զոհերն ու վիրաւորները Պէյրութ կը փոխադրուին (Լուսանկարներ)

Պոլսոյ ահաբեկչութեան լիբանանցի զոհերն ու վիրաւորները Պէյրութ կը փոխադրուին (Լուսանկարներ)

Այսօր երեկոյան Պէյրութի «Ռաֆիք Հարիրի»ի անուան միջազգային օդակայան կը հասնին 1 յունուարին Պոլսոյ մէջ  եղած ահաբեկչութեան զոհ գացած՝ Ռիթա Ալ Շամիի, Էլիաս Ուարտինիի եւ Հայքլ Մուսլէմի մարմինները: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայ Ձայն»: Աղբիւրը կը նշէ, որ  «Րէյնա» գիշերային  ակումբին դէմ  եղած ահաբեկչութեան զոհ գացած էին 39 անձեր, որոնց մեծ մասը՝ զբօսաշրջիկներ:

 Ըստ MTV կայանին զոհուածներէն բացի Պէյրութ պիտի հասնին հինգ վիրաւորեալներ, իսկ երեսփոխան Ըսթֆէն Տուահյհիի դուստրը՝ Պուշրա Ալ Տուայհի,որ նոյնպէս վիրաւորուած էր պիտի շարունակէ բուժում ստանալ Պոլսոյ մէջ: Լիբանանի կառավարական մարմիններ զոհերուն եւ վիրաւորներուն փոխադրութեան համար յատուկ կարգադրութիւններ կատարած են: 

Ստորեւ զոհուածներուն  լուսանկարները ՝