Պոլսոյ մէջ քահանայագործող Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան վերջին ամիսներուն, խորհրդակցելէ ետք պատրիարքութեան կրօնական մարմնին հետ, համայնքային իր գործունէութեան կողքին նպատակայարմար համարած է իր քարոզները թրքերէն լեզուով ներկայացնել յատկապէս դիմատետրի իր էջին միջոցաւ:
Այս մասին նկատելէ ետք «Արեւելք» կարճ զրոյց մը ունեցաւ քահանայ հօր, որ խօսելով այս մասին ըսաւ. «Այս քարոզներուն կարիքը զգացինք՝ հաշուի առնելով, որ փոքր չէ թիւը այն հաւատացեալներուն, որոնք կը գտնուին Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներուն մէջ եւ տարբեր հանգամանքներու բերումով չեն կրնար եկեղեցի ներկայ գտնուիլ ու մասնակցիլ կրօնական արարողութեանց կամ լսել հոոգեւոր խօսք մը»: Տէր Շիրվան նաեւ յայտնեց, որ թրքերէնով քարոզախօսութեան մասին ինք կիսուած է Պոլսոյ պատրիարքութեան կրօնական ժողովի պատասխանատուներուն հետ ու յատկապէս ստանալէ ետք տեղապահ սրբազան հօր՝ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանին արտօնութիւնը սկսած է ամէն չորեքշաբթի օր կրօնական բնոյթով քարոզ մը ներկայացնել հաւատացեալներուն:
«Կը գիտակցինք, որ նման նախաձեռնութեան մը կարիքը կար». ըսաւ Տ. Շիրվան քահանան նկատել տալով, որ «քիչ չէ թիւը այն թրքահայերուն, որոնք այսօր կը գտնուին արտասահմանեան տարբեր երկիրներ եւ հայերէն լեզուի իմացութեան լուրջ խնդիր ունին ու այդ պատճառով հեռու կը մնան մեր եկեղեցիներէն եւ չեն մասնկացիր կրօնական արարողութեանց»: Ան նաեւ յոյս յայտնեց, որ այս ընթացքով կարելի պիտի ըլլայ Աստծոյ խօսքն ու Սուրբ գրային ճշմարտութիւնները հաւատացեալ հասարակութեան հասցընել:
Նշենք, որ պոլսահայ քահանան իր քարոզները (թրքերէնով) կը ներկայացնէ իւրաքանչիւր շաբթուան չորեքշաբթի օրը, օգտուելով դիմատետրի live stream-ի դրութեան յարմարութիւններէն:
Մեր ունեցած տուեալներով Տ. Շիրվան քահանայի քարոզներուն կը հետեւին պոլսահայ համայնքի անդամ մեծ թիւով հաւատացեալներ եւ յատկապէս անոնք, որոնք թրքախօս են:
Նշենք, որ Տ. Շիրվան քհնյ. Միւրզեան քարոզիչն է Պոլսոյ Սրբոց Հռիփսիմեանց, Սուրբ Սանդուխտ եւ Սրբոց Երից Մանկանց եկեղեցիներուն: