image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Յայտնի Պալեան Գերդաստանը Յուշադամբան Պիտի Ունենայ

Պոլիս. Յայտնի  Պալեան Գերդաստանը  Յուշադամբան Պիտի Ունենայ

Պոլիս- Թուրքիոյ մէջ տասնեակ  ճարտարապետական կառոյցներու հեղինակ  համարուող Պալեան  գերդաստանը    պիտի ունենայ  յատուկ յուշադամբան: Այս մասին կը գրէ  Պոլսոյ «Ակօս»ը:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  Պալեան գերդաստանի  շիրիմը կը գտնուի Սկիւտար շրջանի  Պաղլարպաշի շրջանի  «Սուրբ Խաչ» գերեզմանատան մէջ:  Նշենք, որ     վերջերս   Պոլսոյ հայ ճարտարապետներու միութիւնը  (ՀԱՅՃԱՐ)  նախաձեռնած   եւ վերակառուցած է  Պալեան գերդաստանի շիրիմը:   Յուշադամբանի բացման  հետ համընթաց   շիրիմին մէջ  պիտի զետեղուին Պոլսոյ Քարթալ  շրջանին մէջ  յայտնաբերուած Պալեաններու շիրմաքարերը: