image
Հրատապ լուրեր:

Պոլիս. Ձերբակալած 13 Կասկածելիներու Մօտ Յայտնաբերուած է Ինքնաշէն Ռումբի 211 Սրուակ

Պոլիս. Ձերբակալած   13 Կասկածելիներու Մօտ Յայտնաբերուած է    Ինքնաշէն Ռումբի 211   Սրուակ

 Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ») Թուրքիոյ  իշխանութիւնները   ձերբակալած են  13   անձեր, որոնք կը կարծուի, որ անդամ են  PKK-ի երիտասարդական թեւին: Ձերբակալումները տեղի ունեցած են Պոլսոյ   Սուլթանֆէս, Սանճաքտէբէ   եւ Կազիոսմանփաշա    շրջաններուն մէջ: Ըստ   Պոլսոյ ոստիկանութեան մէկ բանբերին ձերբակալեալներուն մօտ  յայտնաբերուած են   ինքնաշէն  ռումբի  211       սրուակներ:   Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ   հետախուզական աշխատանքնրը կը շարունակուին: Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները  աւելի վաղ յայտարարած էին, որ յաջողած  են     քաղաքը  փրկել ահաբեկչական մեծ գրոհէ  մը, որ տեղի պիտի ունենար   Ուրբաթ գիշեր Փարիզի մէջ  գրանցուած  ահաբեկչութեան  հետ համընթաց: