Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ») Թուրքիոյ իշխանութիւնները ձերբակալած են 13 անձեր, որոնք կը կարծուի, որ անդամ են PKK-ի երիտասարդական թեւին: Ձերբակալումները տեղի ունեցած են Պոլսոյ Սուլթանֆէս, Սանճաքտէբէ եւ Կազիոսմանփաշա շրջաններուն մէջ: Ըստ Պոլսոյ ոստիկանութեան մէկ բանբերին ձերբակալեալներուն մօտ յայտնաբերուած են ինքնաշէն ռումբի 211 սրուակներ: Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ հետախուզական աշխատանքնրը կը շարունակուին: Նշենք, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները աւելի վաղ յայտարարած էին, որ յաջողած են քաղաքը փրկել ահաբեկչական մեծ գրոհէ մը, որ տեղի պիտի ունենար Ուրբաթ գիշեր Փարիզի մէջ գրանցուած ահաբեկչութեան հետ համընթաց: