image

PKK- ի Զինեալներ Անձնատուր Եղած Են Տիարպէքիրի Սուր Շրջանին Մէջ (Տեսանիւթ)

PKK- ի Զինեալներ   Անձնատուր  Եղած Են Տիարպէքիրի Սուր Շրջանին Մէջ (Տեսանիւթ)

Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ PKK- ի ահաբեկիչները չորեքշաբթի օր  անձնատուր եղած  եւ յայնձնուած են թրքական  բանակային ուժերուն: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ PKK-ի դէմ Սուրի մէջ ընթացող գործողութիւններու ընթացքին 23 փետրուարին սպաննուած է մէկ զինուոր, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր  PKK- ի զինեալներու կողմէ զինեալ յարձակման հետեւանքով:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տիարպէքիրի մարզպետարանը 23 փետրուարին յայտարարութեան մէջ նշած է, որ  շրջանէն հեռանալ   ուզող քաղաքացիներուն  անվտանգութեան ուժեր օգնութիւն պիտի տրամադրեն:Նշենք, որ Տիրապէքիրի Սուր շրջանի մէջ պարետային ժամ յայտարարուած էր 2 Դեկտեմբեր 2015-էն ի վեր, երբ անվտանգութեան ուժերը PKK-ի դէմ գործողութիւններ սկսած էին վարել ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:Թերթին  կողմէ այս մասին տեղադրուած  տեսանիւթը դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: