Տիարպէքիր- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Տիարպէքիրի Սուր շրջանին մէջ PKK- ի ահաբեկիչները չորեքշաբթի օր անձնատուր եղած եւ յայնձնուած են թրքական բանակային ուժերուն: Այս մասին կը գրէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ PKK-ի դէմ Սուրի մէջ ընթացող գործողութիւններու ընթացքին 23 փետրուարին սպաննուած է մէկ զինուոր, որ ծանրօրէն վիրաւորուած էր PKK- ի զինեալներու կողմէ զինեալ յարձակման հետեւանքով:Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Տիարպէքիրի մարզպետարանը 23 փետրուարին յայտարարութեան մէջ նշած է, որ շրջանէն հեռանալ ուզող քաղաքացիներուն անվտանգութեան ուժեր օգնութիւն պիտի տրամադրեն:Նշենք, որ Տիրապէքիրի Սուր շրջանի մէջ պարետային ժամ յայտարարուած էր 2 Դեկտեմբեր 2015-էն ի վեր, երբ անվտանգութեան ուժերը PKK-ի դէմ գործողութիւններ սկսած էին վարել ամբողջ տարածաշրջանին մէջ:Թերթին կողմէ այս մասին տեղադրուած տեսանիւթը դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: