«Real Clear Defense» կայքի հրապարակած յօդուածին մէջ անդրադարձ կատարուած է Սուրիոյ մէջ իրանեան ուժերու գոյութեան, եւ շեշտուած, թէ Սուրիոյ մէջ Ռուսիա իր նպատակներուն հասնելու համար Իրանի կարիքն ունի:
Կայքը նշած է, որ ներկայիս Փութին հետաքրքրուած չէ իրանեան ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու խնդիրով, որուն վառ ապացոյցն է երկրի հարաւ-արեւմտեան շրջաններուն մէջ Սուրիոյ բանակին տրամադրուող ռազմական օժանդակութիւնը:
Անդրադառնալով իրանեան բանակի եւ «Հըզպալլա»ի զինուորներուն, կայքը դիտել տուած է, որ վերջիններս Սուրիոյ մէջ կը պայքարին Սուրիոյ բանակի զինուորական տարազներով, եւ անոնք գլխաւոր դեր կը խաղան պատերազմական գործողութիւններու ղեկավարման գործին մէջ:
Կայքին համոզմամբ, Փութին իր վրայ վերցնելով օդային հարուածներու իրագործումը, դաշտային գործողութիւններու կիրառումը թողած է Սուրիոյ բանակի կողքին պայքարող միւս ուժերուն, որոնց հետ մշտական հանդիպումներ կ'իրականացնէ ու համատեղ համաձայնութեամբ կը շարժին անոնք:
Յօդուածի աւարտին, կայքը կոչ ուղղած է Թրամբին չվստահիլ Փութինի խոստումներուն, որովհետեւ վերջինս անկարող է Սուրիոյ մէջ իր իշխանութիւնը տարածել, առանց իրանեան ուժերուն: