image

Փութին Ռուսիոյ 2015 Տարուան Լաւագոյն Քաղաքական Գործիչ

Փութին  Ռուսիոյ    2015  Տարուան Լաւագոյն Քաղաքական Գործիչ

Ռուսիա-(«RT»- Ռուսիա)- Ռուսիոյ քաղաքացիներուն  երեք քառորդը, ռուսաստանեան հանրային կարծիքի ուսումնասիրման կեդրոնի համաձայն՝  կը գտնեն, որ նախագահ Վլատիմիր Փութինը այս տարուան լաւագոյն քաղաքական դէմքն է: Այս մասին կը փոխանցէ «RT»ին:  Աղբիւրը  կը նշէ նաեւ, որ կեդրոնի տնօրէն Վալէրի Ֆյուտրովը յայտնած է, թէ Փութինը շարունակած է մնալ տարուան լաւագոյն քաղաքական գործիչը՝  հետազօտութեան մասնակցող Ռուսիոյ ժողովուրդի 74 տոկոսին  կարծիքով, մինչ անոր կը  յաջորդէ  է (մեծ տարբերութեամբ) ԱԳ նախարար Սերկէյ Լավրովը 13 տոկոսով, այնուհետեւ վարչապետ Տիմիթրի Մետվետէւ 5 տոկոսով եւ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն նոյնպէս 5 տոկոսով եւ վերջապէս Ռուսաստանի լիպերալ-տեմոքրաթական կուսակցութեան առաջնորդ Վլատիմիր Ժիրինովսկին 4 տոկոսով:Կայքը կը նշէ, որ Ռուսաստանի հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման կեդրոնի կողմէ պատրաստուած հարցումներուն պատասխանած են Ռուսաստանի 16 տարբեր շրջաններէ 1600 անձ, ուր սխալի տոկոսը չի գերազանցեր 3,5 տոկոսը: