Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին անդրադարձած է օրեր առաջ Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան՝ բացատրելով, թէ ինչու միջադէպի պահուն ռուս դիւանագէտի կողքը թիկնապահներ չեն եղած:
«Ընդհանուր կանոն կայ, որուն համաձայն դեսպանատան անվտանգութեան ծառայութեան զինուած աշխատակիցները պէտք է գտնուին միայն դեսպանատան տարածքին մէջ, ու անոր սահմաններէն դուրս զէնք կրելու իրաւունք չունին: Խնդիրը ճիշդ այդ է։ Եւ այստեղ հարցը Թուրքիոյ մէջ չէ, քանի որ այդ ընդունուած բան է երկիրներու մեծ մասին մէջ»,- մէջբերած է ria.ru-ն Փութինի խօսքերը:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպանի դէմ մահափորձը իրականացած է լուսանկարչական ֆօթօմրցոյթի ժամանակ: Երէկ տեղեկութիւն տարածուած էր, ըստ որուն Սուրիոյ մէջ գործող «Ճայշ ալ Ֆաթհ» զինուած խմբաւորումը ստանձնած է Թուրքիոյ ՌԴ դեսպանի սպանութեան պատասխանատուութիւնը, սակայն աւելի ուշ տեղեկութիւնը հերքուած է: