image

Փէթրաիոս. Պատրաստ եմ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը ստանձնել

Փէթրաիոս. Պատրաստ եմ  Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը ստանձնել

Ուաշինկթըն- ԱՄՆ-ի գաղտնի սպասարկութեան նախկին տնօրէն Տէյվիտ Փէթրաիոս յայտարարած է, որ ինք զղջացած է հինգ տարի առաջ գործած իր մեծ սխալին համար, որուն հետեւանքները կը կրէ ցայօր, եւ հիմա պատրաստ է ստանձնելու ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ AFB, նշելով, որ Փէթրաիոսի մեղադրանքը եղած էր իր կենսագիրին, որ միաժամանակ իր սիրահարին էր՝ գաղտնի լուրեր փոխանցելը:

 Ամերիկայի փոխնախագահ Մայք Փենս այս մասին յայտնած է, որ իսկապէս Փէթրաիոսի անունը արտագին գործոց նախարարի թեկնածուներու ցանկին վրան է, եւ Թրամբ իր որոշումը կայացնելու ժամանակ նկատի պիտի առնէ անոր անցեալը: