image

Պայազիտ շրջանի պայթումին հետեւանքով զոհուած են 2 անձեր

Պայազիտ շրջանի պայթումին  հետեւանքով զոհուած են   2 անձեր

 Պոլսոյ  մէջ   այս առաւօտ գրանցուած պայթումին հետեւանքով զոհուած են  2  անձեր մինչ վիրաւորներուն թիւը կը հասնի 8-ի: Այս մասին տեղեկութիւն   փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, թէ  մինչեւ այս  պահը պայթումին   պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած, որեւէ կողմ:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ շրջանի քաղաքապետարանը  փակած  է       բոլոր  ճանապարհները:  Նշենք, որ  Սուլթան  Պայազիտ շրջանը   երթեւեկութեան    բանուկ շրջան մը կը համարուի, ուր կան      հանրային  փոխադրութեան տասնեակ կայարաններ: