Պոլսոյ մէջ այս առաւօտ գրանցուած պայթումին հետեւանքով զոհուած են 2 անձեր մինչ վիրաւորներուն թիւը կը հասնի 8-ի: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցող աղբիւրներ կը նշեն, թէ մինչեւ այս պահը պայթումին պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած, որեւէ կողմ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ շրջանի քաղաքապետարանը փակած է բոլոր ճանապարհները: Նշենք, որ Սուլթան Պայազիտ շրջանը երթեւեկութեան բանուկ շրջան մը կը համարուի, ուր կան հանրային փոխադրութեան տասնեակ կայարաններ: