image

Պատրիարքարանը օգնութիւն փոխանցեց Իսթանպուլ ապրող հայաստանցիներուն. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

Պատրիարքարանը  օգնութիւն փոխանցեց  Իսթանպուլ ապրող հայաստանցիներուն. Աղբիւր (Լուսանկարներ)

«Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրէն վերահասու դարձանք, որ Հայոց Պատրիարքարանը օժանդակութիւններ փոխանցած է Իսթանպուլ ապրող  հայաստանցի մեր  հայրենակիցներուն։

Կը նշուի նաեւ, որ օժանդակութիւններու բաշխումը տեղի ունեցած է  այսօր առաւօտուն Պատրիարքարանի հանդիպակաց մասին մէջ գտնուող  Սոււրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարէն։

Տասնեակ հայաստանացիներ, որոնք յատկապէս կը բնակին Գում Գաբու շրջանին մէջ նախօրօք մօտեցած են, գրանցած են իրենց անունները եւ այսօր ստացած են իրենց բաժին հասնող օգնութիւնները։ 

Յիշեցնենք, որ «Քորոնա» վարակին հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին առընթեր առաջին արձագանգը տուած էր Պատրիարքարան, որ դիմելով անհատ  բարերարներու, ինչպէս  նաեւ օգտուելով Միաբանութեան անդամ կրօնաւորներու կատարած սրտաբուխ յատկացումներէն կարողացած էր օժանդակութիւններ տրամադրել  Պոլսոյ կարիքաւոր հայ ընտանիքներուն։

Աւելի ուշ, ինչպէս  նշեցինք Պատրիարքարանը բարի կամքը ունեցած է այդ օժանդակութիւններէն կարեւոր մասը տրամադրել հայաստանցի մեր հայրենակիցներուն եւ մեր ունեցած տուեալներով այդ օժանդակութիւններէն ցարդ օգտուած հայաստանացիներու թիւը կը հասնի 400 -ի։

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը: