image

Պատրիարքական տեղապահը Էջմիածին է

Պատրիարքական տեղապահը Էջմիածին է

Պոլսոյ պատրիարքութեան ընդհանուր տեղապահ Տ. Արամ  արք.  Աթէշեան     ժամանած է Երեւան: Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ իր աղբիւրներէն: Մեր կայքին  մօտիկ աղբիւր մը  փոխանցեց նաեւ,  որ Տ. Արամ Սրբազանի   Մայր աթոռ կեցութիւնը  պիտի ըլլայ շատ   կարճ եւ  քանի մը օրուան համար:  Կարգ մը  աղբիւրներու համաձայն   կը  նախատեսուի, որ   Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան հարցը դառնայ  քննարկման առանցք՝   Ամենայն Հայոց   Ն.Ս.Օ.Տ.Տ.  Գարեգին Բ.ն   կաթողիկոսին  եւ     Պոլսոյ Պատրիարաքութեան  ընդհանուր տեղապահին միջեւ:

Նշենք, որ   Հռոմի Պապին Հայաստան տալիք այցի  ժամանակ  Տ. Արամ Սրբազան   ջնջած էր  Հայաստան  գալու իր ծրագիրը եւ Մոսկուայէն վերադարձած էր Պոլիս:  Այդ օրերուն նախատեսուած էր   բողոքի հաւաքով  մը դիմաւորել      Պոլսոյ Պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդը:

Յիշեցնենք, որ Թրքահայ  կրօնաւորը        Գերմանիոյ Պունտէսթակի հայանպաստ      բանաձեւէն ետք    «զօրակցական» նամակ մը   յղած էր  Թուրքիոյ  նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանին, որուն հետեւանքով հայկական    շրջանակներ  բողոքած էին անոր   արարքին դէմ: