image

Պաքուի մէջ ՌԴ դեսպանատունը ուժեղացուցած է անվտանգութիւնը

Պաքուի մէջ ՌԴ դեսպանատունը ուժեղացուցած է անվտանգութիւնը

Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութենէն ետք Պաքուի մէջ ՌԴ դեսպանատան անվտանգութիւնն ուժեղացուցած են: Այդ մասին յայտնած է Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Վլատիմիր Տորոխին, կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:

«Ատրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան հսկողութիւնն ուժեղացուած է: Ես կը հաւատամ Ատրպէյճանին եւ կը հաւատամ, որ  այստեղ ինծի ոչինչ կը պատահի»,- ըսած է Տորոխին:

Յիշեցնենք, որ Քարլովի վրայ զինուած յարձակումը տեղի ունեցած է Երկուշաբթի Անգարայի մէջ ցուցահանդէսի բացման ժամանակ: Միջոցառման ընթացքին յանցագործը քանի մը անգամ կրակած է ռուս դեսպանին մէջքին: Ստացած վնասուածքներէն դեսպանը մահացած է:

Թրքական ԶԼՄ-ները կը յայտնեն, որ մարդասպանը հասցուցած է 11 անգամ կրակել, որոնցմէ 9 փամփուշտ դիպչած է Քարլովին:

Ուժայիններու գործողութեան հետեւանքով յարձակողը, որ ցուցահանդէսի շէնք մտած էր ներկայացնելով ոստիկանական վկայագիր, չէզոքացուած է: