«Ալ Ախպար» թերթին փոխանցմամբ, Լիբանանի մէջ երեք համալսարաններ ներգրաւուած են վկայականներ վաճառելու գործին մէջ:
Նշուած համալսարաններուն կողմէ վկայականները կը վաճառուին զինուորականներու, պաշտօնի եւ աստիճանի բարձրացում ձեռք բերելու նպատակով, կամ սովորական քաղաքացիներու, աշխատանքի ընդունուելու համար:
Քննութիւններու արդիւնքով ձերբակալուած է համալսարաններէն մէկուն մէջ վկայականներու վաճառքի գործին մէջ ներգրաւուած դասախօս մը: Ձերբակալուած են նաեւ երեք զինուորականներ, որոնք իրենց վկայականները գումարի դիմաց ստացած են:
Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ հետախուզման մէջ կը գտնուի զինուորականներուն եւ համալսարանի նախագահին միջեւ միջնորդ հանդիսացող անձը, որ իւրաքանչիւր վկայականի համար 2000 տոլար կը պահանջէր: